2013-11-07 11:47:39

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն
Զրոյց Առաջին – ԻՆՉՈՒ՞ ԱՅՍ ԳԻՐՔԸ


Երբ Երջանկայիշատակ Յովհաննէս­Պօղոս Բ. Սրբազան Պապը հրաման տուաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականի կազմութեան ձեռնարկել, արդէն կը մտածէր նաեւ երիտասարդներու համար աւելի մատչելի գրքոյկ մը հրատարակել, մանաւանդ երբ երիտասարդական հաւաքներու առթիւ` Հռոմ, Փարիզ, Թօրոնթօ, Քոլոնյը եւ Սիտնի, երեւան եկաւ որ արդի համաշխարհային երիտասարդութիւնը ծարաւն ունի Քրիստոսի եւ հոգեւոր սկզբունքներու։
Յետ հրատարակելու համառօտ քրիստոնէականը, այժմ Եկեղեցին պէտքը կը զգայ հրամցնելու այս նոր գրքոյկը, երիտասարդներու բաղձանքներուն եւ հասկացողութեան աւելի մօտէն հետեւող, ինչպէս նաեւ անոնց հոգեւոր ապրումներուն թարգմանը հանդիսացող, նկատի առած միջավայրը ուր կ՛ապրին եւ հարցերը զոր կ՛ուղղեն շատ յաճախակի կերպով իրենց կեանքի նպատակի մասին։
Այսպէսով` Եուքաթը, երիտասարդներու յարմարեցուած լեզուով` կը մեկնաբանէ կաթողիկէ հաւատքին ամբողջութիւնը, համաձայնաբար ՛Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին՛, առանց սակայն զայն ամբողջութեամբ արտայայտելու։ Ան կը ներկայացնէ հաւատալիք ճշմարտութիւնները հարցում­պատասխանի ձեւին տակ, մեկնաբանելով եւ պարզաբանելով երիտասարդներու հասկացողութեան մակարդակի համեմատ։
Եուքաթի կողմնակի էջերուն վրայ կը գտնենք յաճախ յաւելեալ տեղեկութիւններ, պատկերազարդ նկարներ, բառերու բացատրութիւններ, սուրբ Գրքի եւ Սուրբ Հայրերու մէջբերումներ, ինչպէս նաեւ սուրբերու օրինակներ։ Այս բոլորը` աւելի մատչելի դարձնելու համար անոր ընթերցումը եւ դիւրին անոր հասկացողութիւնը։
Ինչպէս Քրիստոնէականի մեծ հատորը, Եուքաթը եւս կը բաժնուի չորս գլխաւոր մասերու. Առաջին մասը ունի որպէս նիւթ` հաւատալիք ճշմարտութիւնները.
Երկրորդին նիւթը կը կազմեն Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները.
Երրորդը` տասը պատուիրաններն են, կամ քրիստոնէական բարոյականը.
Իսկ չորրորդ գլխուն նիւթն է Աղօթքը։
Բենեդիկտոս ԺԶ. Սրբազան Պապը հետեւեալ խրատը կուտայ սոյն գրքի ներածականին մէջ։ Ան կ՛ըսէ, եզրափակելէ առաջ իր խօսքը.
ՙԴուք երիտասարդներդ, հարկ է որ գիտնաք թէ ինչ բանի կը հաւատաք։ Պէտք է ճանչնաք ձեր հաւատքը այնպէս ինչպէս համակարգիչի մասնագէտը գիտէ օգտագործել նոյն գործիքին ընձեռած բոլոր կարելիութիւնները. պէտք է հասկնաք զայն ինչպէս մեծ երաժշտագէտ մը կ՛ըմբռնէ բոլոր նօթագրութիւնը իրեն յանձնուած երաժշտական կտորին։ Հարկ է որ առաւել եւս արմատացած ըլլաք ձեր հաւատքին մէջ քան ձեր նախորդ սերունդը, որպէսզի կարենաք դիմագրաւել քաջութեամբ ու հաստատամտութեամբ` մեր այս նոր շրջանի մարտահրաւէրները։ Ձեզի հարկաւոր է Աստուծոյ օգնութիւնը, եթէ չէք ուզեր որ ձեր հաւատքը հալի նման ցօղի կաթիլի մը արեւին դիմաց, եթէ կը մերժէք աշխարհի զանազան փորձութիւններուն առջեւ զիչիլ եւ իյնալ, եթէ չէք ուչեր որ ձեր սէրը արատաւորուի այլասերութեամբ։ Հզօր եղէք, զօրացնելու համար տկարները եւ անտարբեր մի մնաք կեանքի զոհերուն դիմաց։ՙ
Յոյսով ենք որ նաեւ մեր հայ երիտասարդները գտնեն այս գրքին մէջ իրենց պատշաճ ու հասկնալի բացատրութինները քրիստոնէական կրօնքին։









All the contents on this site are copyrighted ©.